2012-05-15 12:34:15

Գերմանիոյ Կաթողիկէ 98-րդ Ընդհանուր Համաժողովը` Գաթոլիքենդակ Սկիզբ Կ'առնէ 16 Մայիսին, Մանհայմ Քաղաքը, Մասնակցութեամբ՝ Երկրի Հանրապետութեան Նախագահին Ու Վարչապետին։


Համաժողովը տեղի կ'ունենայ 16-20 մայիս, մասնակցութեամբ՝ աւելի քան 60 հազար քրիստոնեաներու ''փորձել նոր երթ մը'' բնաբանով։ Յայտագիրը կը ներփակէ բարեփոխումներ եկեղեցիէն ներս եւ բանակցութիւններ ապագայ ընկերա-քաղաքական կեանքին մասին։ Յայտնենք որ Գաթոլիքենդակը, սկիզբ առաւ հեռաւոր 1848-ին, կը կատարուի գերմանացի կաթողիկէներու կեդրոնական կոմիտէէն եւ հիւրընկալող թեմէն։ Յայտագիրը կը նախատեսէ աւելի քան 1200 դէպքեր, աղօթքներ, ծիսակատարութիւններ, Ս. գրային ընթերցումներ, համերգներ, բանակցութիւններ եւ դասախօսութիւններ։ Այս հաւաքը բարեպատեհ առիթ մըն է. կազմակերպելու՝ կլոր սեղաններ եւ խօսելու՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ապագային մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.